ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | յունուար

փտր 06, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

arevmt

Եթէ հաւատանք գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Եոսիֆ Պրոցկիին, թէ մարդն այն է, ինչ կը կը կարդայ, ուրեմն հանրային գրադարաններու բազմաթիւ ընթերցողներ քիչ մը Սեւակի հետեւորդներ եւ հոգւով բանաստեղծներ եղած են յունուարին, քանի որ երեք մարզերու գրադարաններէն ներս ամէնէն շատ նոյնինքն Պարոյր Սեւակի գիրքերը կարդացած են:

Այս ամիս, հանրապետութեան յառաջատար հանրային գրադարաններէն ներս ընթերցողական պատկերին աւելի քան մէկ տարուան ուսումնասիրութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներին մէջ չափածոյ, բանաստեղծական գիրքեր յայտնուած են: «Մեղաւորը» մեր գրականութեան հարիւրամեայ միշտ երիտասարդ Պարոյր Սեւակն է: Ընթերցողները գրադարաններէն ներս հերթի կը կենան անոր բանաստեղծութիւնները եւ «Անլռելի զանգակատուն»-ը, «Մարդը ափի մէջ» եւ «Եղիցի լոյս» գիրքերը տուն տանելու համար:  

Հայաստանի գրադարաններու ամէնէն պահանջուած գեղարուեստական գիրքերուն յունուարեան ցուցակներուն վրայ 89 գիրք կայ, որոնցմէ 28-ն հայ հեղինակներու գիրքեր են: Յունուարին, դպրոցներու եւ համալսարաններու ձմեռնային արձակուրդի բերումով, որոշակիօրէն նուազած է գրադարան յաճախումներու թիւը, սակայն գրականութեան տացքը գրեթէ չէ պակսած: Յունուարեան ցուցակին վրայ եւս հայ գրող մը կայ: Րաֆֆիի «Սամուէլը» այժմ դպրոցական պարտադիր ընթերցանութեան ցանկին վրայ չէ, բայց շատերը կը կարդան զայն: Վէպը լաւագոյն տասնեակին մէջ է:

Ժամանակակից գրող, ութը վէպի հեղինակ Աշոտ Աղապապեանը աշնան վերջը լոյս տեսած իր «Սեւ հովազ-1» գիրքով վստահօրէն զբաղեցուցած է ամէնէն պահանջուած գիրքերու տասնեակին երկրորդ հորիզոնականը: Ընդ որում, Աշոտ Աղապապեանը մէկ տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով դարձած է մայրաքաղաք Երեւանի գրադարաններու ամէնէն շատ կարդացուող հեղինակը: Յառաջատար քառեակին մէջ գրեթէ հաւասար սպասարկման ցուցանիշերով իրար կը յաջորդեն Ակաթա Քրիստիի «Հինգ խոզուկները» եւ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երեք ընկերը»: Արկածախնդրութեան թագուհին հայ ընթերցողին եւս մի քանի նոր հայերէն թարգմանութիւններով ներկայացած է, ուստի 2024-ին եւս պիտի շարունակուի Ակաթա Քրիստիի գիրքերուն ընթերցողական բարձր պահանջը:

Յունուարեան տասնեակին մէջ նաեւ Ակաթա Քրիստիի «Սպանութիւն արեւելեան ճեպընթացին մէջ» գիրքը, որ ամիսներ շարունակ ընդգրկուած է Լոռուայ մարզային գրադարանի առաւել պահանջուած հեղինակներու առաջին հորիզոնականին վրայ: Վերջին ամիսներուն յունական արմատներով ժամանակակից բրիտանացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի վէպերը ամէնէն ընթերցուող գործերէն են: Անոր «Լռակեաց հիւանդը», «Կոյսերը», ինչպէս նաեւ Խալետ Հոսէյնիի «Օդապարուկ թռցնողը» եւ Ֆրանց Քաֆքայի «Կերպարանափոխութիւնը» կ’եզրափակեն գրադարաններու ամէնէն պահանջուած գիրքերուն ցուցակը:

Իսկ քարտէսը կը կազմուի իւրաքանչիւր մարզի ներկայացուցած տասնեակի առաջին հորիզոնականի գիրքով, բացառութեամբ Երեւանի, որ կը ներկայացնէ մայրաքաղաքի գրադարաններու ցանկերուն մէջ ընդգրկուած ամէնէն ընթերցուած գիրքը: Ինչպէս կը տեսնէք, ողջ քարտէսին վրայ տիրական են Պարոյր Սեւակի գիրքերը: